2017-07-25 09:33:00

ՄԱԿ-ի պատուիրակը կոչ կ՛ուղղէ Աքսայի հարցը լուծելու` նախքան որ անիկա բարդանայ ուրբաթ օր


Միջին Արեւելքի մօտ ՄԱԿ-ի պատուիրակ Նիքոլայ Միլետինով  երէկ կոչ ուղղեց Աքսայի գծով առնչակից կողմերուն վերջ տալու ծագած լարուածութեան ուրբաթ օրէն առաջ` կանխարգիլելու համար անոր սաստկացման հաւանականութիւնը:

Ան յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհը կը հետեւի Երուսաղէմի դէպքերուն, հետեւաբար պէտք է մեղմացնել լարուած մթնոլորտը եւ դրական եզրայանգումի հասնիլ նախքան ուրբաթ:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մօտ Պաղեստինի ներկայացուցիչ Իպրահիմ Խրէյշա ազդարարած էր անյապաղ լուծել այս հարցը` զգուշացնելով, որ անցեալ ուրբաթ օրուան նամազին դէպքերը կրնան աւելի սաստիկ բնոյթ ստանալ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.